Search
Close this search box.

Միցեալ Թագաւորութեան Լորտերու պալատէն ներս քննարկուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը

Լորտ Տէյվիտ Ալթոնի բանաձեւած Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծը Լորտերու պալատէն ներս անցաւ երկրորդ ընթերցումէ: Անոր գործընկերները համաձայնեցան զայն յանձնել ողջ Պալատի յանձնաժողովին՝ յետագայ քննարկման համար:
Լորտ Արա Տարզին բարձր գնահատեց Լորտ Ալթոնի նուիրումը եւ վճրակամութիւնը` այս կարեւոր հարցը տարիներ շարունակ հետապնդելուն համար.
«Որպէս Բրիտանական խորհրդարանի առաջին հայ ներկայացուցիչ եւ Ցեղասպանութեան վերապրողի ժառանգորդ՝ խորապէս պարտական եմ անոր [Լորտ Ալթոնին]: Ես ծնած եմ Իրաքի մէջ, 1915 թուականի Ցեղասպանութենէն փախած հայ ծնողներու: Ցեղասպանութիւն մը, որուն ընթացքին օսմանացիներուն կողմէ կոտորուեցան աւելի քան 1 միլիոն հայեր: Ես ասիկա կ’ըսեմ իբրեւ Ցեղասպանութենէն վերապրող մը: Աշխարհի
Այս փորձութենէն պէտք է օգտուինք ոչ թէ դառնութիւն եւ վրէժխնդրութիւն սերմանելու, այլ հողին մէջ նշաձող մը ցցելու եւ յայտարարելու, որ «այլեւս չկրկնուի» կարգախօսը չի վերաբերիր միայն հայերուն, այլ նաեւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն:
2020 թուականին, Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ատրպէճանը՝ Արցախ ներխուժելուն պատճառաւ 90.000 հայեր լքեցին իրենց տուները՝ փախչելով ցեղային բնաջնջման սպառնալիքէն։ Աշխարհը կանգնեցաւ հայերուն կողքին, սակայն Ատրպէճանն ու Թուրքիան ի հարկին հետեւանք չկրեցին։
Այս օրինագիծը զուտ պատմական անարդարութիւնը վկայակոչելու մասին չէ: Անիկա ներկայի մեր գործողութիւնները պէտք է առաջնորդէ՝ անցեալը ըմբռնելու հիման վրայ: «Այլեւս չկրկնուի» կարգախօսին պէտք է ամբողջական եւ իմաստային բովանդակութիւն հաղորդել: Ձերդ Լորտութեանց կը խնդրեմ, որ լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերէք այս օրինագծին:

https://www.facebook.com/armeniannationalcommitteeuk/posts/pfbid07chc2rZaXUcqyoWJ9NtNQWW2siokUdTabiqEeCgbtRCtXWJxxWrsjY5oKxqYPwwml

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *