Search
Close this search box.

Հայաստանի հանրային կարծիքը՝ Արցախի հակամարտութեան մասին. ուսումնասիրութիւն

Անցեալ շաբաթ Միջազգային հանրապետական հիմնարկը հրապարակեց հանրային կարծիքի վերջին ուսումնասիրութիւնը, որ իրականացուած է Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ: Ամենահետաքրքրական պատասխանները տրուած են ուսումնասիրութեան այն հատուածին մէջ, որ կեդրոնացած է արցախեան հիմնախնդիրի քաղաքական լուծումին վրայ:
«Քու կարծիքովդ՝ ո՞րը ընդունելի լուծում կրնայ ըլլալ արցախեան հակամարտութեան» հարցումին ի պատասխան 35 տոկոսը նշած է Արցախի լիարժէք անկախութիւնը, 34 տոկոսը՝ Հայաստանի հետ միացումը: 16 տոկոսը նշած է Արցախի ինքնավար կարգավիճակը Հայաստանի կազմին մէջ, իսկ 11 տոկոսը՝ Արցախի կարգավիճակը Ռուսաստանի կազմին մէջ:
Այս պատասխանները յատկանշական են անով, որ անոնք կու գան ի հետեւումն Արցախի մէջ Հայաստանի կրած աղէտալի պարտութենէն ետք: 2020-ի պատուհասէն ետք շրջանառութեան մէջ է խօսակցութիւն մը, ըստ որուն՝ 44-օրեայ պատերազմի մարդկային ծանր կորուստին պատճառով հայ հասարակութիւնը յոգնած է Արցախէն եւ պատրաստ է անցեալին մէջ թաղելու իր տասնամեակներու դժգոհութիւնները եւ կեդրոնացումը ուղղելու Հայաստանի ներքին խնդիրներուն:

Դիտեցէ՛ք ամբողջական նիւթը «Սիվիլնեթ»-ի կայքէջին մէջ՝

https://www.civilnet.am/news/649208/new-survey-sheds-light-on-armenian-public-opinion-on-karabkah/?lang=en

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *