Search
Close this search box.

Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը կը յայտարարէ ՏԱ ոլորտի յառաջատար ընկերութիւններու հետ համագործակցութեան մասին

Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը համագործակցութեան դաշտ կը պատրաստէ ՏԱ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Կ'ակնկալուի, որ համատեղ նախագիծեր իրականացուին՝ արդիւնաւորելու նուագախումբին ջանքերը՝ ուղղուած հայ դասական երաժշտութեան եւ հայ երաժշտահաններու յաւելեալ ժողովրդականացման՝ շարունակելով դասական երաժշտութեան հայկական աւանդոյթներու ներկայացումը արտասահմանի մէջ:

Նուագախումբի ջանքերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Team Telecom Armenia-ի համահիմնադիր Ալեքսանդր Եսայեան, Piscart Creative Platform-ի արտադրանքի գլխաւոր տնօրէն եւ հիմնադիր գործընկեր Միքայէլ Վարդանեան, Service Titan Software Technology Platform-ի նախագահ եւ համահիմնադիր Վահէ Կուզոյեան, COAF-ի հիմնադիր եւ տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Կարօ Արմէն եւ այլք: Այս աջակիցներուն հետ ստորագրուած են յուշագիրեր՝ ապագայ համագործակցութեան համար:

Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը յայտնի է իր նորարարական նախագիծերով, որոնք յաճախ կը ներառեն բարձր արհեստագիտական միջոցներ՝ դասական երաժշտութիւնը մեծ լսարաններու մատուցելու համար, ներառեալ՝ արհեստական բանականութեան օգտագործումը: Կ'ակնկալուի, որ այս համագործակցութիւնը նպաստէ նաեւ համաշխարհային մշակութային նորարարութիւններու աւելի լայն շրջարկի մէջ Հայաստանը դիրաւորելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ հայկական դասական երաժշտութեան ժառանգութեան յառաջմղման:

Ամբողջական լուրը՝ «Հայաստանի հանրային ռատիօ»-ի մէջ՝

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *