Search
Close this search box.

Հայ ուսանողներու ցանց

DiasporArm-ի նախաձեռնած Հայ ուսանողներու ցանցը (ՀՈՑ) կամուրջ կը հանդիսանայ հայ ուսանողներուն միջեւ՝ գործելով ցանցային երեք շերտերու վրայ. ուսանողներ, մանկավարժներ եւ ձեռնարկատէրեր: Մանկավարժները կ'ուսուցանեն, ուսանողները կը կողմնորոշեն կրթութեան, տարբեր դրամաշնորհներու, կրթանպաստներու եւ այլնի ուղղութեամբ: Ձեռնարկատէրերը պիտի օգնեն մասնագիտական կողմնորոշման տեսակէտէ, պիտի առաջարկեն կիսադրոյք աշախատանք, փորձաշրջան, ինչպէս պիտի հովանաւորեն նախագիծեր եւ որսան տաղանդները իրենց ձեռնարկութիւններուն համար: Մեր ուսանողներուն օգնելէ բացի՝ ՀՈՑ-ը նպատակ ունի պատրաստելու առաջնորդներու վերնախաւային սերունդ մը եւ հասարակութեան յաջողակ, ազդեցիկ անդամներ:

DiasporArm-ի նպատակային առաքելութիւնը կամուրջ հանդիսանալ է Սփիւռքի տարբեր համայնքներու միջեւ՝ մտադիր ըլլալով կազմակերպութիւններու, խումբերու եւ անհատներու միջեւ ստեղծելու գործակցութեան պայմաններ՝ բաժնեկցելով արժէքներն ու նպատակները: Այս ծիրէն ներս կ'իյնայ Հայ ուսանողներու ցանցի (ՀՈՑ) ստեղծումը, որուն նպատակն է օգնել ուսանողներուն, եւ ոչ միայն, պատրաստել առաջնորդներու եւ հասարակութեան յաջող ու ազդեցիկ անդամներու վերնախաւային սերունդ մը: ՀՈՑ-ը կ'աշխատի ցանցային երեք շերտերու վրայ՝ ուսանողներ, մանկավարժներ, ձեռնարկատէրեր:

Մանկավարժներուն դերն է օգնել՝ կատարելով անհրաժեշտ վերահսկողութիւն եւ ուսանողները կողմնորոշելով կրթութեան, տարբեր դրամաշնորհներու եւ կրթանպաստներու գծով: Ձեռնարկատէրերը կիսաժամ դրոյքով աշխատանք կ'առաջարկեն, փորձաշրջան, հովանաւորեալ նախագիծեր՝ որսալով տաղանդները իրենց ձեռնարկութիւններուն համար: Երեք շերտերէն իւրաքանչիւրին պարագային ՀՈՑ-ը իրարու կը կապէ գործող կառոյցները, ինչպիսին է՝ Հայկական ուսանողական կազմակերպութիւնները մասնագիտական ու մանկավարժական կազմակերպութիւններու հետ: ՀՈՑ-ը կը գործակցի HyeConnect-ի հետ՝ հայկական հասարակութիւնները կապող հարթակ մը, որ պիտի ներկայացնէ ՀՈՑ-ը՝ իւրաքանչիւր ոլորտի (բժշկութիւն, ճարտարագիտութիւն) իր «համայնքներով»:

Ծրագիրը մեկնարկած է Նոյեմբեր 2021-ին, իսկ գործարկումը նախատեսուած է 2022-ի սկիզբը:

Յովէլ Շնորհօքեան

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *