Դեկտեմբեր 17-ին, Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը Սիւիլնէթին տուած հարցազրոյցին մէջ խօսած է Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ միակ ճանապարհին վերջին շրջափակման մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս ատիկա մարդասիրական ճգնաժամի պատճառ կը դառնայ արցախահայութեան համար։ Պարոն Վարդանեանը նաեւ քննարկած է, թէ ի՛նչ կրնան ընել աշխարհասփիւռ հայութիւնը՝ Արցախի ժողովուրդին օգնելու համար։
«Այն երկիրը, ուր երբեք որեւէ բնապահպանական ցոյց տեղի չէ ունեցած, ինքզինք ծաղրի կ’ենթարկէ իր այս վարուելակերպով։ Հիմա աշխարհը թող տեսնէ, թէ ո՛վ է Ատրպէճանը, եւ ինչպիսի՛ վարք ու բարքի տէր է այդ ժողովուրդը։ Ես նոր վերադարձայ Մարտակերտ կատարած այցելութենէս, եւ իսկապէս զարմացած եմ արցախահայութեան կենսուժին, զօրութեան ու խիզախութեան վրայ: Իսկ շրջափակումը աւելի կը միաւորէ մեզ։
Կ’ուզեմ շատ յստակ յայտարարել ողջ աշխարհի հայութեան. Արցախը համայն հայութեան հայրենիքն է, եւ ոչ թէ միայն արցախահայերուն: Անտարբեր մնալը ձե՛զ կ’ոչնչացնէ, ոչ թէ մեզ: Ժամանակն է ոտքի ելլելու, դուք կրնաք մեծ ալիք ստեղծելով ձեր ձայնը բարձրացնել մեծ եւ ճնշում բանեցնել՝ մարդասիրական աջակցութիւն ստանալու համար», ըսաւ Պետական նախարարը։