Շարժարուեստի եւ գիտութեան ակադեմիան յայտարարած է 2022 թուականի «Օսքար» մրցանակաբաշխութեան յաւակնորդներուն անունները:
Մեծ ուրախութիւն է տեսնել, որ հայեր նշանակալից դեր խաղացած են յառաջադրուած 53 ֆիլմերէն 27-ին մէջ:
Կարեւոր անուններ են արտադրիչ Տանիա Սեղաթչեան եւ բեմադրիչ Նարպեհ Միրզախանեան: Տանիա Սեղաթչեան եղաւ առաջին հայուհին, որ «THE POWER OF THE DOG» ֆիլմին համար յառաջադրուեցաւ «Լաւագոյն ֆիլմ» անուանակարգին, ինչը յառաջատարն է՝ ըստ շատերու: Եթէ ֆիլմը յաղթէ, ան կ'ըլլայ «Օսքար»-ի գլխաւոր մրցանակին արժանացած առաջին հայուհին: Նարպեհ Միրզախանեան կատարեց չորս ֆիլմի բաշխումը, որոնք յառաջադրուած են տարբեր անուանակարգերու, օրինակ՝ «LICORICE PIZZA»-ն՝ «Լաւագոյն ֆիլմ»-ի, ինչպէս նաեւ «NO TIME TO DIE»-ը, «HOUSE OF GUCCI»-ն եւ «CYRANO»-ն:
Ամբողջական ցանկը տեսնել կայքին մէջ՝ https://www.armenianfilmsociety.com.