Կառավարութեան Վիճակագրութեան կոմիտէի տուեալներով՝ 2021 թուականին Հայաստանի բնակչութեան 26.5 տոկոսը ապրած է երկրի աղքատութեան մակարդակի շեմէն ցած, ինչ որ փոքր անկում է 2020 թուականին՝ Կոմիտէին կողմէ հաշուարկուած 27 տոկոս աղքատութեան մակարդակէն։
Վերջին տեղեկագրին մէջ՝ Վիճակագրութեան կոմիտէն նշած է, որ 2021 թուականին Հայաստանի քաղաքացիներուն 1.5 տոկոսը կը համարուէր «ծայրայեղ աղքատ»՝ 2020 թուականի 0.7 տոկոսի դիմաց։
Երկրին 2021 թուականին քաղաքային աղքատութեան մակարդակը կազմած է 21.8 տոկոս, իսկ գիւղաբնակներուն համար՝ 33 տոկոս: Երեւանի աղքատութեան մակարդակը 2021 թուականին կազմած է 15.9 տոկոս։
Հայաստանի մայրաքաղաքէն դուրս ամէնէն բարձր աղքատութեան մակարդակը արձանագրուած է Գեղարքունիքի եւ Շիրակի մարզերուն մէջ՝ համապատասխանաբար 49.1 եւ 46.9 տոկոս։ Աղքատութեան ամէնէն ցած մակարդակը արձանագրուած է Սիւնիքի մէջ՝ 2.8 տոկոս, ուր միջին աշխատավարձի ցուցանիշը ամէնէն բարձրն է՝ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի ստեղծած աշխատատեղերուն հաշուոյն։
Վիճակագրութեան կոմիտէի տուեալներով՝ Հայաստանի աղքատութեան ամէնէն բարձր ցուցանիշը արձանագրուած է 2010 թուականին՝ 35.8 տոկոս: