Ելոյթ ունենալով Երեւանի մէջ «Արհեստական բանականութեան հեռանկարները՝ Հայաստանի մէջ. կրթութիւնը՝ առանցք» թեմայով տեղի ունեցած խորհրդաժողովին՝ «YerevanNN» համակարգչային գիտութեան ու թուաբանութեան հետազօտական աշխատանոցի տնօրէն Հրանդ Խաչատրեան ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ գործող աւելի քան երեսուն ընկերութիւններու՝ արհեստական բանականութեան կիրարկումով արտադրանքներուն 95 տոկոսը նախատեսուած է արտասահմանեան շուկայի համար:
Ըստ Խաչատրեանի՝ Հայաստանի բնակչութեան սպասարկելու բացակայող բաղադրիչներէն է հայալեզու տուեալներու պահեստը եւ ոլորտին մէջ ասպիրանտուրա մը:
Լուծումը կրնայ ըլլալ արտերկիր գտնուող հայ գիտնականներուն Հայաստանի մէջ աշխատանք առաջարկելը: Ուրիշ տարբերակ մըն է խոշոր գիտակեդրոններու ստեղծումը, որ բաւականին սուղ է: Խաչատրեանի հաշուարկներով՝ Հայաստանի մէջ տարեկան 4-էն 5 գիտնականներու եւ անոնց ասպիրանտներուն վճարելու համար անհրաժեշտ է 2,5 միլիոն տոլար: