Երեւանի Էրեբունի պատմահնագիտական թանգարան-արգելոցը պիտի համագործակցի Լուվրի թանգարանի հետ: Լուվրի արեւելեան հնութիւններու բաժնի տնօրէն Արիանէ Թոմասի եւ անոր տեղակալ Վինսենթ Պլանշարի հետ քննարկումներու ընթացքին շարք մը պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են Լուվրի եւ Էրեբունիի հետագայ համագործակցութեան առնչութեամբ: Լուվրի մասնագէտները մասնաւորաբար պիտի աջակցին Էրեբունի թանգարանի նոր ցուցահանդէսը կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ Էրեբունի թանգարանի մասնագէտները մասնագիտական վերապատրաստութենէ անցընելու առումով: Կողմերը յայտարարած են ուրարտաբանութեան ոլորտին մէջ համատեղ ծրագիրներ իրականացնելու եւ համագործակցելու պատրաստակամութեան մասին:
Ամբողջական լուրը կարելի է կարդալ «Հայաստանի հարնային ռատիոկայան»-ի մէջ՝
https://en.armradio.am/2022/01/27/armenias-erebuni-museum-to-cooperate-with-louvre/