Search
Close this search box.

Արցախի կենսական նշանակութեան ճանապարհը կրկին շրջափակուեցաւ

Դեկտեմբեր 12-ի առաւօտեան խումբ մը ատրպէճանցիներ «բնապահպանական» պատճառաբանութիւններով փակեցին Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիին՝ Շուշի-Քարին տակ հատուածը։
Ատրպէճանական կառավարական լրատուամիջոցները նշած են, թէ շրջափակողները «բնապահպան գործիչներ» են, որոնք Պաքուի պետական պաշտօնեաներէն կը պահանջեն զննել Արցախի մէջ գործող ոսկիի երկու հանքերը։
Հարիւրաւոր հայ քաղաքացիներ, ներառեալ՝ անչափահասներ, չկրցան վերադառնալ իրենց տուները, ոմանք ալ ժամանակաւորապէս տեղափոխուեցան Սիւնիքի մարզ։ Շուշիի շրջանի Լիսագոր, Մեծ Շէն, Հին Շէն եւ Եղծահող գիւղերուն ու մայրաքաղաք Ստեփանակերտի միջեւ երթեւեկութիւնը ընդհատուեցաւ։
Աւելի վաղ, բանակցութիւններ ընթացած էին դեկտեմբեր 3-ի շրջափակման միջադէպէն ետք, երբ Ատրպէճանի Բնապահպանութեան եւ Տնտեսութեան նախարարութիւններուն պաշտօնեաները փակած էին ճանապարհին նոյն հատուածը՝ յայտարարելով, որ կը ցանկան զննել Արցախի մէջ «ապօրինի հանքարդիւնաբերական գործունէութիւնն» ու ատոր «բնապահպանական հետեւանքները»:
Արցախի ղեկավարութիւնը պնդեց, որ պատշաճ կերպով հետեւած է ոսկիի արդիւնահանման տեղական ընկերութեան աշխատանքներուն։ Պաքուն պարզապէս փորձ կը կատարէ խաթարելու Արցախի ցամաքային հաղորդակցութիւնը Հայաստանի հետ՝ պատճառ դառնալով տոհմիկ հայ բնակչութեան զանգուածային արտագաղթին։
Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը յորդորեց արցախահայութեան «պահպանել իրենց հանդարտութիւնը»՝ «Պաքուի կողմէ իրականացուած ցեղային զտումներու փորձին» դիմաց։
Միւս կողմէ, Հայաստանի կառավարութիւնը յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեանի միջոցաւ դատապարտեց Ատրպէճանի գործողութիւնները։ Մարուքեանը զայն անուանեց Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ձեռք բերուած հրադադարի «կոպտագոյն խախտում», որ դադրեցուցած էր 2020 թուականի հայ-ատրպէճանական պատերազմը։

https://en.armradio.am/2022/12/13/goris-stepanakert-road-artsakhs-lifeline-blocked-for-13-hours/
https://www.azatutyun.am/a/32172667.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *