Արցախի Հանրապետութեան մէջ Նոյեմբերին 178 երեխայ լոյս աշխարհ եկած է. Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կ'ընդգծէ, որ այս թիւը նախորդ ամիսներուն համեմատ մրցանշային է: «Յետպատերազմեան մեծ դժուարութիւններու յաղթահարման այս փուլին հերթական կարեւոր իրադարձութեան կ'ուզեմ անդրադառնալ. Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին Արցախի մէջ 178 երեխայ ծնած է։ Նախորդ ամիսներուն համեմատ այդ թիւը մրցանշային է եւ ամենամօտը մինչպատերազմեան ցուցանիշներուն։ Մեր յաջողութիւններուն իրական գրաւականը ժողովրդագրական աճն է»,– ըսած է Արցախի նախագահը՝ աւելցնելով, որ կառավարութիւնը ոչ մէկ ջանք պիտի խնայէ քաջալերելու բնակչութեան աճը:
Ամբողջական լուրը կարելի է կարդալ «Արմէնփրես»-ի մէջ՝