«Մասնագիտական ուսուցում-մասնաւոր հատուած համագործակցութիւն» ծրագիրին ծիրէն ներս արցախեան երկրորդ պատերազմի վեթերաններուն հնարաւորութիւն տրուած է արհեստագիտական անվճար կրթութիւն ստանալու ուսումնական 16 ոլորտներու մէջ:
Դիմած է 971 վեթերան, որմէ 417-ը՝ Երեւանէն, 554-ը՝ մարզերէն: Դասընթացները աւարտած են 280-ը: Ներկայ պահուն 9 մասնակից արդէն աշխատանքի անցած է:
Ամբողջական լուրը՝ «Armtimes»-ի մէջ՝