«Աստղավարդ» հասարակական կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2003 թուին: Անիկա կը գործէ Վարդենիս քաղաքի 35 համայնքներուն մէջ։ Կազմակերպութեան առաքելութիւնն է օգնել հաշմանդամ երեխաներու եւ այլ խոցելի խումբերու՝ յաղթահարելու իրենց խնդիրները։ Այս կեդրոնը վերականգնողական ծառայութիւններ կը տրամադրէ՝ շնորհիւ իր բազմամասնագիտական անձնակազմին: Երեխաներու հետ աշխատելէ զատ, անիկա ծառայութիւններ կը մատուցէ նաեւ 18+ մտաւոր յետամնացներուն՝ ապահովելով անոնց ամէնօրեայ զբաղմունքն ու աշխատանքային ներգրաւուածութիւնը:
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին առաջին իսկ օրերէն կեդրոնը տարաբնոյթ՝ ընկերային, հոգեբանական, մարդասիրական եւ այլ ծառայութիւններ մատուցած է տեղահանուած ընտանիքներուն:
Վերջին մէկ տարուան ընթացքին վերականգնողական ծառայութիւններէն օգտուած են 74 հաշմանդամ անձ, տարբեր ծրագիրներու մէջ ընդգրկուած եղած են 80 տեղաբնիկ եւ 120 տեղահանուած արցախցի ընտանիքներ։
Վերջերս Եւրոպական միութեան Արեւելեան գործընկերութեան Թագաժահի համերաշխութեան ծրագրի շրջանակներէն ներս շուրջ 50 հաշմանդամ անձի եւ անոնց խնամակալներուն համար իրականացուեցաւ երկօրեայ դասընթաց մը, որուն ընթացքին անոնք իրազեկ դարձան իրենց իրաւունքներուն ու գործատուներուն հետ համագործակցութեան մասին, ինչ որ պիտի օգնէ անոնց՝ յաղթահարելու իրենց խնդիրները եւ մրցունակ դառնալու աշխատաշուկային մէջ։