Օսքարի լաւագոյն միջազգային շարժապատկերներու մրցավազքին, Հայաստանի պաշտօնական յայտը «Ասիա-Խաղաղովկիանոսեան» մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս ընտրուեցաւ «Լաւագույն գծագրեալ շարժապատկեր»: Անուանակարգին մէջ առաջադրուած էին հինգ շարժապատկերներ։
Այս բարձր հեղինակաւոր շարժապատկերին գրախօսութիւնը համարուած է Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանի Օսքար, ուր կ’ընտրուին եւ մրցանակի կ’արժանանան լաւագոյն շարժապատկերները:
Բեմադրիչ Իննա Սահակեանի «Աւրորայի լուսաբացը» պատմական գծագրեալ վաւերագրական շարժապատկեր մըն է՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած Աւրորա Մարտիկանեանի կեանքին մասին, որ ամբողջ աշխարհին հետ բաժնեկցած է իր գոյատեւման խիզախ պատմութիւնը՝ միլիոնաւոր տոլարներու մարդասիրական օգնութիւն հաւաքելով Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն համար: