DiasporArm-ի անունով կ'ուզենք շնորհաւորել բոլորիդ Ամանորն ու Սուրբ ծնունդը: Մինչ կը պատրաստուինք դիմաւորելու 2022-ը, վճռակամ կը մնանք ամրապնդելու Սփիւռք-հայրենիք կապերը եւ ձգտելու Հայաստանի ու Արցախի զարգացման ու յառաջընթացին: 2022-ին DiasporArm-ը յամառօրէն կը շարունակէ իր ջանքերը՝ իրազեկելու, համախմբելու եւ հզօրացնելու հայրենիքի ու Սփիւռքի բովանդակ հայութիւնը:
Կը մաղթենք բացառիկ Ամանոր մը: Թող 2022-ը լեցուն ըլլայ երջանկութեամբ, առողջութեամբ եւ նորանոր ձեռքբերումներով:
Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ ծնունդ: