Յուլիս 11-ին ՔՈԱՖ-ի գործադիր տնօրէն Կորիւն Խաչատուրեան եւ «Սթարմուս»-ի հիմնադիր տնօրէն փրոֆեսոր Գարիկ Իսրայէլեան փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրեցին ՔՈԱՖ-ի երեւանեան կեդրոնատեղիին մէջ: Յուշագիրին հիմնական նպատակն էր Սեպտեմբեր 10-ին հիւրընկալել ՍԹԱՐՄՈՒՍ օրը ՔՈԱՖ-ի Լոռի մարզի ՍՄԱՐԹ կեդրոնին մէջ՝ աւելի լայն շրջանակներու հասանելի դարձնելու «Սթարմուս»-ի գիտութեան ու արուեստի 6-րդ փառատօնը:
««Սթարմուս»-ը ՔՈԱՖ-ի Լոռի մարզի ՍՄԱՐԹ կեդրոն բերելու որոշումը համաշխարհային ուղերձ է, որ «Սթարմուս»-ը մէկ տեղ չէ, այլ ամէնուր: Հետեւաբար, եթէ հնարաւորութիւն կայ Հայաստանի գիւղերը բերելու «Սթարմուս»-ի առաքելութիւնը, ապա պէտք է ընենք»,- նշած է Գարիկ Իսրայէլեան:
Աղբիւր՝ «Հայաստանի հանրային ռատիօ»