«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը մեկնարկած է ճարտարապետական միջազգային մրցոյթ մը Արմաւիրի մարզի ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ շրջափակի համար: Ճարտարապետներ կրնան մինչեւ Մայիս 2 առցանց ներկայացնել իրենց ճարտարապետական նորարար հայեցակարգերը համաշխարհային մակարդակի կրթական, մշակութային եւ զբօսաշրջային կառոյցներու գիւղական միջավայրի համար:
Մրցանակակիր ճարտարապետ Միշէլ Մոսէսեանի գլխաւորութեամբ միջազգային դատակազմը, որ բաղկացած է միջազգային ճանաչում ունեցող ճարտարապետներէ եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներէ, կ'ընտրէ յաղթող նախագիծ-առաջարկները:
Արմաւիրի ապագայ ՍՄԱՐԹ շրջափակը կը յաջորդէ Լոռի մարզի ՔՈԱՖ-ի ՍՄԱՐԹ շրջափակին, որ բացուած է 2018-ին: Վերջին չորս տարիներուն աւելի քան 3 000 գիւղաբնակ երեխայ յաճախած է Լոռիի ՍՄԱՐԹ կեդրոն՝ ունենալով որակեալ կրթութիւն ստանալու հաւասար հնարաւորութիւն: ՍՄԱՐԹ շրջափակը ամուր հիմք դրած է զբօսաշրջային ու տնտեսական զարգացման համար:
Արմաւիրի մէջ ՍՄԱՐԹ նոր շրջափակի կառուցումը կը վերահաստատէ ՔՈԱՖ-ի յանձնառութիւնը՝ Հայաստանի գիւղական շրջաններու վերականգնման համար կեդրոնացուած ու համապարփակ մօտեցում առաջարկելու: Սոյն մրցոյթը կու գայ նշանաւորելու ՔՈԱՖ-ի գիւղական զարգացման ծրագիրներուն նոր փուլի սկիզբը:
Ամբողջական լուրը՝ Asbarez.com.