«Creative Armenia» յայտարարած է, որ «Creative Armenia 2022» մէկշաբաթեայ առցանց գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 27-էն Յուլիս 1:
Քննարկումներուն պիտի ներկայացուին երաժիշտ Տիգրան Համասեան, արուեստագէտ Տիգրան Ցիթողծեան, ֆիլմարտադրիչ Հուարտ Գազանճեան, Եւա Խաչատրեան, գիտնական տոքթ. Գարիկ Իսրայէլեան եւ բազմաթիւ ուրիշ արուեստագէտներ ու առաջնորդներ, որոնք կը ձեւաւորեն այսօրուան ստեղծարար դաշտը:
Այս ստեղծագործ փայլուն միտքերը պիտի հանդիպին շաբթուան բոլոր օրերը՝ ուսումնասիրելու արուեստի, գիտութիւններու եւ ստեղծարար արդիւնաբերութեան ամենաբացառիկ գաղափարները:
«Մենք ուրախ ենք ի մի բերելու երեւոյթ դարձած արուեստագէտներն ու պայծառ միտքերը՝ հայկական արուեստի ներկայ կարգավիճակին ու ապագային մասին իրարու հետ խորունկ ու աշխոյժ քննարկում ծաւալելու նպատակով»,- ըսած է «Creative Armenia»-ի ծրագիրներու տնօրէն Անոյշ Տէր Խաչատրեան: «Մենք բոլորը կը հրաւիրենք միանալու մեր մէկշաբաթեայ առցանց գագաթնաժողովին՝ խորաթափանցութեան ու ոգեշնչման համար»:
Ամբողջական լուրը՝ «Հայաստանի հանրային ռատիօ»-ի մէջ