Search
Close this search box.

Չեխական ընկերութիւնները կը ծրագրեն Հայաստանի մէջ փոքր ինքնաթիռներու արտադրութիւն հիմնել

Չեխիոյ Հանրապետութեան մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Յովակիմեան աշխատանքային այց կատարեց Օլոմուցի շրջանը:
Շրջանի ղեկավար Եոզեֆ Սուչանեկի եւ Օլոմուցի քաղաքապետ Միրոսլաւ Զպանեքի հետ հանդիպումին քննարկումներ տեղի ունեցան երկկողմ յարաբերութիւններու եւ գործընկերութեան՝ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան առկայ շրջանակներուն միջոցով բարելաւման շուրջ:
Դեսպան Յովակիմեան այցելեց Օլոմուցի «TechProAviation» եւ «Balus» ընկերութիւնները՝ ծանօթանալու Հայաստանի մէջ փոքր ինքնաթիռներու արտադրութիւն հիմնելու անոնց նախագիծերուն մասին: Չեխական ընկերութիւններու ղեկավարութեան եւ անոնց գործընկեր հայկական «AM Pro Avia»-ի այցելու ներկայացուցիչին միջեւ տեղի ունեցած են լայնածաւալ քննարկումներ արդէն իսկ մեկնարկած գործարար ծրագիրի հետագայ յառաջմղման հնարաւորութիւններուն շուրջ:
Ամբողջական լուրը կարդալ «Armradio.am»-ի մէջ՝

https://en.armradio.am/2022/02/11/czech-companies-consider-establishing-small-aircraft-production-in-armenia/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *