Ուքրանական ճգնաժամի վերջին բռնկումէն ետք զգայնօրէն վերաբերելով հանդերձ ուքրանացի ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան՝ ես չեմ կրնար զսպել իմ դառնութիւնս, որ, կը թուի, Երեւանի այժմու ընդհանուր տրամադրութիւնն է:
Ի տարբերութիւն արցախեան պատերազմին՝ Արեւմուտքը դժուարութիւն չունի յստակօրէն տեսնելու ներխուժումի եւ ռազմական գործողութեան, ժողովրդավարութեան ու ինքնակալութեան, ճշմարտութեան եւ պետական քարոզչութեան միջեւ տարբերութիւնը, եւ վերջապէս, թէ ո՛վ է յարձակողը եւ ո՛վ է ինքզինք պաշտպանողը:
Վլատիմիր Զելենսկի գերմարդկային կարգավիճակ ստացած է, մինչդեռ արեւմտեան լրատուադաշտը Նիկոլ Փաշինեանը մեղադրեց առճակատումին համար: Չորս օր պէտք եղաւ՝ Ռուսիոյ մարմնակրթական մրցոյթներուն մասնակցութիւնը արգիլելու, մինչդեռ Արեւմուտքէն բազմաթիւ ղեկավարներ ուրախութեամբ ներկայ էին Պաքուի մէջ ՈՒԵՖԱ-ի ախոյեանութեան, երբ անդին հարիւրաւոր հայ գերիներ դեռ անօրինականօրէն կը մնային ձերբակալուած:
Գարոլինա Փաուլովսկա, յատուկ «Mirror-Spectator»-ին