Search
Close this search box.

Տապլինի միջազգային ֆիլմերու փառատօնին պիտի ցուցադրուի Արտաւազդ Փելեշեանի ֆիլմերը

Տապլինի միջազգային ֆիլմերու փառատօնը հրապարակած է 2023 թուականի փառատօնեան շարք մը կարեւոր իրադարձութիւններ, ներառեալ՝ բեմադրիչ Արտաւազդ Փելեշեանի երկերեսակ ֆիլմը:
Փառատօնին ընթացքին պիտի ցուցադրուին «Տարուան եղանակները» եւ «Բնութիւնը» ֆիլմերը՝ շաբաթ, մարտ 4-ին, որուն պիտի յաջորդէ իրլանտացի բեմադրիչ Թահկ Օ’Սոլիւանի կողմէ կազմակերպուած հարց ու պատասխանը:
Արտաւազդ Փելեշեանը, 2020 թուականին, 27 տարի անց առաջին անգամ ըլլալով նկարահանեց իր առաջին՝ «Բնութիւն» ֆիլմը, որ հուժկու վերադարձ էր իր գլխաւոր բնաբանին՝ մարդկութեան ներդաշնութիւնն ու հակասութիւնը աշխարհի հետ։ Սերկէյ Փարաճանովը զինք բնութագրած էր՝ «ֆիլմաշխարհի հազուագիւտ անկեղծ հանճարներէն մին»: Արտաւազդ Փելեշեանը յայտնի է պատմոյթէ զուրկ եւ սեւ ու ճերմակ վաւերագրական պատկերներէ կազմուած ֆիլմերով։ Այս պատկերները յաճախ քաղուած են արխիւներէ, վերամշակուած, վերաշարադրուած ու վերախմբագրուած են մէկ ամբողջութեան մէջ՝ ճառային ֆիլմ ստեղծելու համար:
Տապլինի միջազգային ֆիլմերու փառատօնը նախատեսուած է 2023 թուականի փետրուար 23-էն մինչեւ մարտ 4։

https://www.instagram.com/p/ClrIeHrPq9v/
https://www.armenianfilmsociety.com/news/dublin-international-film-festival-to-present-artavazd-peleshians-films?utm_campaign=later-linkinbio-armenianfilmsociety&utm_content=later-31454421&utm_medium=social&utm_source=linkin.b
io

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *