Search
Close this search box.

ԵԱՏՄ-ն առաջին քայլը կատարած է ընդհանուր վարկային համակարգ ունենալու համար

Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւնները վարկային պատմութիւններու մասին տուեալներու փոխանակման համաձայնագիր ստորագրած են: Այս մասին ըսաւ ԵՏՅ տնտեսութեան եւ ելեւմտական քաղաքականութեան հարցերով նախարար Ռուսլան Բեկետայեւ։ Ըստ համաձայնագիրին՝ մօտ ժամանակներս Միութեան անդամ-պետութիւններու կեդրոնական դրամատուները կը հաստատեն այդ տուեալներու փոխանակման կանոնները, որոնք կը պահուին վարկային պատմութիւններու ազգային բիւրոյին մէջ: Այդ տուեալները պէտք է ունենան պաշտպանուածութեան բարձր աստիճան: Միութեան երկիրներէն մէկուն բնակիչները կրնան վարկի համար դիմել միւս չորս երկիրներու դրամատուներուն, որոնք կը կարողանան ստուգել անոնց վարկային պատմութիւնները եւ վարկաւորման մասին որոշումներ կայացնել: Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին ունեցած ելոյթին Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուստին յայտարարեց, որ ԵԱՏՄ երկիրներու քաղաքացիները հաւասար հնարաւորութիւններ կը ստանան Միութեան տարածքին վարկ ստանալու պարագային։ Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «Արմէնփրես»-ի մէջ՝

https://armenpress.am/eng/news/1068643.htm

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *