Search
Close this search box.

Աշխարհի տնտեսական ազատութիւն. 2021-ի տարեկան զեկոյցը

«Աշխարհի տնտեսական ազատութիւն» զեկոյցի հրապարակած ցուցիչը կը պարզէ, թէ երկիրներու քաղաքականութիւնն ու հիմնարկները որքանո՛վ կը նպաստեն տնտեսական ազատութեան: Տնտեսական ազատութեան հիմնաքարերն են՝ անձնական ընտրութիւնը, կամաւոր փոխանակումը, շուկաներ մուտք գործելու եւ մրցակցելու ազատութիւնը, անհատական ու մասնաւոր սեփականութեան ապահովութիւնը: Քառասուներկու տուեալներու կէտերը կ'օգտագործուին ամփոփ ցուցիչ պատրաստելու համար, ինչպէս նաեւ սեռային օրինական իրաւունքներու ճշգրտիչ՝ չափելու համար, թէ կանայք որքանո՛վ ունին տղամարդոց տնտեսական ազատութեան նոյն մակարդակը:
Ընթացիկ տարուան զեկոյցին մէջ, որ կը համեմատէ 165 երկիր եւ տարածք, Հոնկ Քոնկ դարձեալ առաջին տեղը կը զբաղեցնէ, թէեւ Չինաստանի ծանր ձեռքը պիտի նուազեցնէ Հոնկ Քոնկի վարկանիշը հետագայ տարիներուն, իսկ Գանատա (14-րդը) կը զիջի Միացեալ Նահանգներուն (6-րդ): Հայաստան կը զբաղեցնէ 15-րդ տեղը՝ ԵԱՏՄ երկիրներու շարքին գրաւելով լաւագոյն դիրքը:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *