Էսթոնիոյ ֆիլհարմոնիկ ընկերութեան կամերային երգչախումբի եւ լաթվիացի խմբապետ Կասպարս Պուտնիշի «Schnittke. Concert for Choir» վերնագրով ալպոմը ներկայացուած է «Կրեմմի» 64-րդ մրցանակաբաշխութեան՝ «երգչախմբային լաւագոյն կատարում» անուանակարգին մէջ: Ալֆրետ Շնիտկէի «Երգչախմբային համերգ»-ը (1984/85) քափելա երգչախումբի ամենահզօր գլուխ գործոցներէն մէկն է: Երաժշտական ժողովածուն հիմնուած է բանաստեղծ եւ աստուածաբան Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթքներուն վրայ: «Կրեմմի» 64-րդ ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ'ունենայ Լոս Անճելըս 31 Յունուար 2022-ին: Այնտեղ մրցանակի պիտի արժանանան լաւագոյն ձայնագրութիւնները, յօրինումներն ու արուեստագէտները:
Ամբողջական նիւթը կարդալ «armradio.am»-ի մէջ՝