Դեկտեմբեր 9-ին Եւրոպական Միութիւնը եւ ՄԱԿ-ի արդիւնաբերական զարգացման կազմակերպութիւնը ստորագրեցին համաձայնագիր մը, ըստ որուն՝ ԵՄ-ը 4 միլիոն եուրոյի ներդրում պիտի կատարէ Հայաստանի մէջ՝ գիտարուեստական աջակցութեան ծրագիրի ծիրէն ներս: «Մենք ուրախ ենք աջակցելու Հայաստանի կայուն տնտեսական զարգացման՝ ի շահ երկրի բոլոր քաղաքացիներուն»,- նշած է Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան համագործակցութեան բաժնի ղեկավար Ֆրենք Հես: Ծրագիրին նպատակն է առեւտուրի մրցունակութեան բարելաւումը, Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի օգտակար դրոյթներու բովանդակալից իրականացումը, կառավարման համակարգերու բարելաւումը՝ աշխուժացնելու Հայաստանի մասնակցութիւնը միջազգային ու տարածաշրջանային չափագիտութեան համայնքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ EURAMET-ի հետ գործընկերութիւնը:
Ամբողջական նիւթը կարդալ «armradio.am»-ի մէջ՝