Նոյեմբեր 28-ին, Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Նաթալի Լուազոյի բարձր հովանիին ներքոյ տեղի ունեցաւ Արցախի վտանգուած ժառանգութեան մասին ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը։
Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ Արցախի հայկական ժառանգութեան ոչնչացումն ու վերացումը:
Ցուցահանդէսին ընթացքին ելոյթներ ունեցան Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Նաթալի Լուազոն, Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպան, Եւրոպական միութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան ղեկավար Աննա Աղաճանեանը, եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Դիւանագիտական դպրոցի տնօրէն Վահէ Գաբրիէլեանը։
Ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ դեկտեմբեր 1: