Մարտակերտի մէջ «ԹՈՒՄՕ տուփ»-ի բացումը, որ առաջինն էր Արցախի մէջ, մեկնարկեց Արցախի մէջ ԹՈՒՄՕ-ի ընդլայնման ծրագիրը:
«ԹՈՒՄՕ տուփ»-ը դիւրին կառուցուող, տեղափոխուող եւ լիովին յագեցած փոքրիկ «Թումօ» է, ուր ուսանողները կը լրացնեն ծրագիրի ինքնուսուցման բաժինը: Իւրաքանչիւր «Թումօ տուփ» առիթ կ'ընծայէ շաբաթական 320 պատանիի՝ օգտուելու արհեստագիտութեան ու ձեւաւորման ոլորտին մէջ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութենէն:
Արցախի մայրաքաղաքի «Թումօ» կեդրոնը 2015 թուականէն ի վեր ՀԲԸՄ-ի աջակցութեամբ ընդունած է մօտ 4 000 ուսանող եւ կազմակերպած 300 դասընթաց ու իրականացուցած բազմաթիւ յատուկ ծրագիրներ:
Յառաջիկայ հինգ տարիներուն «Թումօ Հայաստան»-ի նախաձեռնութիւնը բոլոր պատանիներուն կը տրամադրէ համազգային հասանելիութիւն ԹՈՒՄՕ-ի կրթական ծրագիրին՝ մարզերու փոքր քաղաքներուն մէջ կառուցելով ամբողջովին կահաւորուած «Թումօ» կեդրոններ, իսկ 110 «ԹՈՒՄՕ տուփ»՝ փոքր համայնքներուն մէջ:
Ամբողջական լուրը՝ armradio.am.