Հայաստանի քաղաքացիութիւն կրնան ստանալ այն օտարերկրեայ քաղաքացիները, որոնք նշանակալի ներդրումներ կ’ունենան Հայաստանի տնտեսութեան, գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան եւ մարմնամարզութեան բնագաւառներէն ներս։
Համապատասխան որոշման նախագիծը կառավարութեան կողմէ դրուեցաւ շրջանառութեան մէջ։
Նախագծին համաձայն՝ այն օտարերկրեայ քաղաքացիները, որոնք առնուազն 150.000 ամերիկեան տոլար կը տրամադրեն կրթութեան կամ գիտութեան ոլորտէն ներս գործունէութիւն ծաւալող հիմնադրամի մը՝ համալրելով անոր անձեռնմխելի դրամագլուխը, 150.000 ամերիկեան տոլար կը ներդնեն առեւտրային կազմակերպութեան մը հիմնական դրամագլուխին մէջ (բաժնեմասերու ձեռքբերում)՝ նուազագոյնը 10 տարի ժամկէտով, ձեռք կը բերեն պետական պարտատոմսեր՝ առնուազն 150.000 ամերիկեան տոլարի չափով՝ նուազագոյնը 7 տարի ժամկէտով, ձեռք կը բերեն անշարժ գոյք՝ առնուազն 150.000 ամերիկեան տոլարի չափով եւ նուազագոյնը 10 տարի ժամկէտով, կ’ունենան անշարժ գոյքի շուկայական արժէքին գրեթէ հաւասար կալուածագրային արժէք, կրնան ստանալ Հայաստանի քաղաքացիութիւն:
Նախագծին մէջ նշուած է նաեւ, որ այն օտարերկրեայ քաղաքացիները, որոնք նուազագոյնը 10 տարի ժամկէտով առնուազն 150.000 ամերիկեան տոլարի ներդրումներ կը կատարեն կառավարութեան կողմէ հաստատուած ներդրումային հիմնադրամի մը մէջ, Հայաստանի մէջ կը հիմնեն բարձր արհեստագիտական եւ կամ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ընկերութիւն մը, որուն դրամագլուխը կը հասնի 1 միլիոն ամերիկեան տոլարի՝ պայմանաւ, որ հիմնադիրին կենսական շահերուն կեդրոնը ըլլայ Հայաստանը, նոյնպէս կրնան ստանալ Հայաստանի քաղաքացիութիւն։