Search
Close this search box.

Ֆրանսայի Մոնթինյի-լը-Պրեթոնիօ քաղաքին մէջ բացուած է Շառլ Ազնաւուր արուեստներու կեդրոնը

26 Մարտ 2022 Շառլ Ազնաւուր արուեստներու կեդրոնը պաշտօնապէս բացուեցաւ Ֆրանսայի Մոնթինյի-լը-Պրեթոնիօ քաղաքին մէջ: Երդմնակալութեան արարողութեան ներկայ էին «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր Նիքոլա Ազնաւուր, հիմնադրամի տնօրէն Քրիստինա Ազնաւուր, պաշտօնատար անձինք եւ հիւրեր:

Շառլ Ազնաւուր արուեստներու կեդրոնը պիտի ըլլայ այն տարածքը, ուր հնարաւորութիւն պիտի տրուի երիտասարդներուն՝ ձեռք բերելու նոր փորձառութիւն եւ գիտելիքներ, ինչպէս նաեւ արտայայտելու իրենց ստեղծագործական միտքը: Ուսուցման գործընթացը պիտի կազմակերպուի հետեւեալ հինգ հիմնական ուղղութիւններով. պար, թատրոն, երաժշտութիւն, փորձ եւ ձայնագրութիւն: Այս ժամանակակից տարածքը յագեցած է նորարարական արհեստագիտութիւններով եւ յատուկ համակարգերով, որոնք ուսումնական գործընթացը աւելի գրաւիչ ու արդիւնաւէտ պիտի դարձնեն: Արձանագրուած աշակերտներուն թիւը 1 800 է, 40 մասնագէտ պիտի աշխատի անոնց հետ:

Կեդրոնը կը կրէ Շառլ Ազնաւուրի անունը՝ քաղաքի բնակիչներուն ցանկութեամբ եւ քաղաքի խորհուրդին քուէարկութեամբ: Ազնաւուր հիմնադրամը աշխատած է այս շէնքը եզակի տեղադրումներով յագեցնելու ուղղութեամբ՝ Շառլ Ազնաւուրի արուեստով ներշնչելու աշակերտներն ու այցելուները:

Ամբողջական լուրը՝ Armenpress.am.

https://armenpress.am/eng/news/1079117.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *