Ֆրանսայի Հանրապետութեան խորհրդարանը, նոյեմբեր 30-ին, միաձայն ընդունեցաւ Հայաստանին աջակցող եւ Ատրպէճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւ մը։ Այս մասին տեղեկացուց Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։
Ի թիւս այլ դրոյթներու՝ Ֆրանսայի խորհրդարանին բանաձեւը՝
1. կոչ կ’ուղղէ անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել եւ հայրենիք վերադարձնել բոլոր հայ ռազմագերիները,
2. կ’առաջարկէ կառավարութեան դիտարկել անհատական պատժամիջոցներ կիրառելու հնարաւորութիւնը՝ Ատրպէճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ յարձակումները եւ բռնագրաւումները շարունակուելու պարագային,
3. կոչ կ’ուղղէ կառավարութեան շարունակել միջնորդական ջանքերուն գործադրումը՝ Արցախի հայ բնակչութեան անվտանգութեան խնդրը լուծելու նպատակաւ՝ համաձայն խորհրդարանի 2020 թուականի թիւ 502 բանաձեւի դրոյթներուն (նշեալ բանաձեւով առաջարկուած էր կառավարութեան՝ ճանչնալ Արցախը),
4. կ’առաջարկէ կառավարութեան դիտարկել Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւնները ամրապնդելու հնարաւորութիւնը,
5. կոչ կ’ուղղէ միջազգային կազմակերպութիւններուն ձեռնարկել բոլոր միջոցները Հայաստանի ու Արցախի՝ Ատրպէճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութիւնը պաշտպանելու ուղղութեամբ։
Բանաձեւը ներկայացուեցաւ խորհրդարանի մեծամասնութեան՝ իշխանական «Վերածնունդ» խմբակցութեան անունով։
Յիշեցնենք, որ այս տարուան նոյեմբեր 15-ին, Ֆրանսայի Ծերկոյտը նմանօրինակ բանաձեւ մը ընդունած էր, իսկ աւելի վաղ՝ Փարիզի քաղաքային խորհուրդը։ Սակայն բոլոր այս բանաձեւերը խորհրդատուական բնոյթ կը կրեն եւ պարտադիր կատարման ենթակայ չեն կառավարութեան համար։