Պատմական հայկական Երզնկայ գաւառի (Էրզինճան, Արեւմտեան Հայաստան) Ուճփնար գիւղին մէջ կը գտնուի Սուրբ Դաւիթի այս գեղեցիկ վանքը, որ աւելի յայտնի է իբրեւ «Ապրենք վանք»։
Թէեւ վանքը բազմաթիւ աւերածութիւններու ենթարկուած է, սակայն պահպանուած են եկեղեցին, մատուռն ու խաչքարերը, որոնք ամէնէն մեծն են տարածաշրջանէն ներս:
Չորս մեթր երկարութեամբ եւ մէկ մեթր լայնութեամբ այս խաչքարերը ունին բազմաթիւ հայերէն արձանագրութիւններ, որոնց վրայ նշուած են երկու թուականներ՝ 1191 եւ 1194։
19-րդ դարուն Սուրբ Դաւիթ վանքը ծառայած է իբրեւ գաւառի հայութեան հոգեւոր կեդրոն։
https://www.facebook.com/photo/?fbid=209967238452825&set=a.131672386282311