Երեւանի մէջ շնորհալի երեխաներու եւ երիտասարդներու համար կը հիմնուի Նորարար գաղափարներու յղացման կեդրոն:
Այսօր կառավարութիւնը որոշեց ՀՀ Արշակունեաց պողոտայ 4 հասցէին վրայ գտնուող տարածքը հինգ տարի անհատոյց օգտագործելու իրաւունքով յանձնել «Ազգային կամուրջ. ենթակառուցուածքներու հզօրացում եւ մարդկային ներուժի զարգացում» ՀԿ-ին:
Կազմակերպութեան նպատակն է զարգացնել ու փորձարկել գիտա-կրթական ծրագիրներն ու դասաւանդելու նորարար մեթոտները, հիմնել Նորարար գաղափարներու յղացման կեդրոն՝ շնորհալի երեխաներու եւ երիտասարդներու համար: ՀԿ-ն կը նախատեսէ ԱՄՆ-էն ներմուծել շտապօգնութեան որոշակի թիւով մեքենաներ, հրշէջ մեքենաներ եւ հանրակառքեր:
Աղբիւրը՝
https://en.armradio.am/2022/01/13/innovative-ideas-generation-center-to-be-established-in-yerevan/