Search
Close this search box.

Գարեգին Պապոյեանի՝ սպիտակուցներու խուսափողական դասի կաղապարման ձգտումը

Ինչպէ՞ս կը միաւորուին մասնիկներն ու կը սկսին գործել կենդանի համակարգի պէս: Սա հարցի այն տեսակն է, որ իբրեւ հիմք կը ծառայէ Գարեգին Պապոյեանի ուսումնասիրութեան: Մերիլենտի համալսարանին մէջ, ուր ան Մոնրօ Մարտին փրոֆեսորն է, կեդրոնացած է կենսաբանական մասնիկներու հաշուողական կաղապարման վրայ, ինչպիսիք են՝ սպիտակուցներն ու ՏՆԹ-ն: «Ամազոն Ռիսըրչ Ըուորտ»-ի աջակցութեամբ՝ Պապոյեանի խումբը կը վերծանէ բնութեան մէջ խաթարուած սպիտակուցներու ուժաբանութիւնը եւ կ'աշխատի ամբողջ բջիջի մասնիկային հիմնարար նմոյշներու մշակման վրայ, ինչը դեռ սաղմնային վիճակի մէջ է:
Մեծցած ըլլալով Հայաստան, ապա՝ Խորհրդային միութիւն, Պապոյեան յաճախած է բնաթուաբանական յատուկ դպրոց մը, ուր ան մասնակցած է գիտական մրցոյթներու՝ գրաւելով առաջին տեղը տարրագիտութեան, բնագիտութեան, թուաբանութեան եւ կենսաբանութեան բնագաւառներուն մէջ: «Գիտական մրցոյթները դրդիչ պատճառ եղան, որ ես տարուիմ գիտութեամբ, մասնաւորաբար տարրագիտութեամբ ու բնագիտութեամբ»,– կ'ըսէ ան:

https://www.amazon.science/research-awards/success-stories/garegin-papoians-quest-to-model-an-elusive-class-of-proteins

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *