Գեղարդի վանքը դասուած է «Lonely Planet»-ի` ճարտարապետական 120 ամենահիասքանչ նմոյշներու շարքին, ուր ընդգրկուած են տեսարժան դասականներէն մինչեւ ժամանակակից հրաշալիքները: «Գեղարդ» անուանումը կը վերաբերի այն նիզակին, որ վիրաւորեց Քրիստոսը:
Վանքը սկիզբ առած է որպէս քարանձաւային փոքր աղօթատեղի, ուր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը 4-րդ դարուն սրբազան աղբիւր պահած է, եւ թերեւս մասամբ համալիրի շքեղ տեղանքին շնորհիւ, «վրահաս» ժայռերով եւ Ազատ գետի կիրճով, վերջինս դարձած է միջնադարեան Հայաստանի եկեղեցական եւ մշակութային կեդրոն:
Ցանկը կ'ընդգրկէ ուրիշ ճարտարապետական գլուխգործոցներ եւս, ինչպիսին են՝ Սիտնի օփերայի տունը, Յորդանանի Փեթրան, Անգլիոյ Լինքոլնի տաճարը, Իրանի Շահ մզկիթը եւ ուրիշներ:
Ամբողջական լուրը՝ «Armradio.am»-ի մէջ