ՀՀ կառավարութիւնը միջոցներ կը տրամադրէ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարմնակրթութեան նախարարութեան՝ Արենի-1 քարանձաւին մէջ յայտնաբերուած Ք. ա. 3600-3500 թուականներու կաշուէ կոշիկի պահպանման, ինչպէս նաեւ պեղումներու եւ շարք մը յուշարձաններու ամրակայման, վերանորոգման ու վերականգնման համար:
Նախարարութենէն կը յայտնեն, որ կառավարութիւնը պետական պիւտճէէն պիտի յատկացնէ 128,5 մլն դրամ:
Կաշուէ կօշիկը ներկայիս կը գտնուի չոր ու տձեւ վիճակի մէջ՝ խոնաւութեան ու արտաքին պայմաններու պատճառով, ուստի յատուկ ցուցափեղկ կը պատրաստուի զայն պահելու եւ անոր հետագայ փճացումը կանխելու համար:
Ամբողջական նիւթը կարդալ «armradio.am»-ի մէջ՝