Յունահայ ձախ պաշտպան Աւենտիս Աւենտիսեան միացած է հոլանտական Eredivisie-ի «Go Ahead Eagles» ակումբին՝ կնքելով երկուքուկէս տարուան պայմանագիր: Eredivisie-ն արհեստավարժ ֆութպոլի բարձրագոյն մակարդակն է Հոլանտայի մէջ: 19-ամեայ Աւենտիսեան տեղափոխուած է յունական «Սուփեր Լիկա»-ի հսկաներէն ՓԱՕՔ-էն:
Աւենտիսեան ծնած է Յունաստանի Սալոնիկի քաղաքը: Ան կրնայ հանդէս գալ Յունաստանի եւ Հայաստանի հաւաքականներով՝ աւագ մակարդակի վրայ:
Ան Հոլանտայի մէջ խաղալը կը համարէ իր կարողութիւնները զարգացնելու եւ արհեստավարժ ֆութպոլիստներու հետ բարձրագոյն մակարդակներու վրայ խաղալու հնարաւորութիւն: Ըստ Աւենտիսեանի՝ ինք յարձակողական ոճի պաշտպան է, որ կը սիրէ դպնալ գնդակին: Հետեւաբար ան յոյսով է, որ հոլանտական մրցակցութիւնը լաւ պիտի ըլլայ իր զարգացման համար:
Ամբողջական նիւթը՝ «Armradio.am»-ի մէջ՝