Հենրիխ Մխիթարեան ստորագրուած երկու մարզաշապիկ նուիրած է Հայաստանի գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու հիմնադրամի (FAST) կազմակերպած լուռ աճուրդին:
Հիմնադրամը իր անդրանիկ «Advance Armenia» կալան կը նշէ Հինգշաբթի, 31 Մարտ 2022-ին The Landmark-ի մէջ, Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա: Երեկոյի գլխաւոր բանախօսը ՀԳԱՀ-ի համահիմնադիր, Flagship Pioneering-ի հիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն եւ Moderna-ի համահիմնադիր եւ նախագահ դոկտոր Նուպար Աֆէեանն է:
Այս տարուան կալային հաւաքուած գումարէն կ'օգտուին շուրջ 50 տեղացի հայ հետազօտողներ, ինչը կը խթանէ փորձագիտական հմտութիւնը Հայաստանի գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ թուաբանութեան ոլորտներուն մէջ: Անոնք հնարաւորութիւն կ'ունենան կապ հաստատելու միջազգային յառաջատար գիտնականներու հետ՝ FAST-ի «ADVANCE STEM» հետազօտական նպաստի ծրագիրին միջոցով: