Search
Close this search box.

«Եթէ Ռուսիան կործանի...» Լուքաշենքոյի խոստովանութիւնը

Վլատիմիր Փութինը կը քարկոծուի իր իսկ պարտէզին մէջ. ՀԱՊԿ-ի ապակեպատ գագաթնաժողովէն մի քանի ժամ առաջ, նկատեցինք, որ Նիկոլ Փաշինեանը կարմիր գորգին վրայ կանգնած էր Վլատիմիր Փութինէն հեռու։ Երկուքին միջեւ ահագին բացութիւն կար, մինչդեռ միւսները բաւական մօտ էին իրարու: Ոչ ոք կը շտապէր Փութինին շատ մօտ կագնելու: Ոչ ոք կը փափաքէր ցոյց տալ անոր հետ իր մեղսակցութիւնը։
Մենք նկատեցինք, որ Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարթ Թոքայեւը կարծես թէ դասախօսութիւն կը կարդար Վլատիմիր Փութինի համար՝ նշելով, որ «Ժամանակն է միասին խաղաղ լուծումներ փնտռելու»: «Մենք չենք կրնար ընդունիլ, որ եղբայրական ռուս եւ ուքրանացի ժողովուրդները տասնամեակներով կամ դարերով իրարմէ հեռանան՝ փոխադարձ դժգոհութիւններու պատճառաւ»:
Այդուհանդերձ, Վլատիմիր Փութինին ամէնէն հաւատարիմ դաշնակիցը` Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքոն, մեծ ցասում ապրեցաւ, երբ ուզեց զօրակցական խօսքեր ուղղել Վլատիմիր Փութինին. «Եթէ Ռուսիան յաղթէ, ՀԱՊԿ-ը կը գոյատեւէ: Եթէ, Աստուած մի արասցէ, Ռուսիան չյաղթէ, ապա ՀԱՊԿ-ը այլեւս գոյութիւն չ’ունենար: Աստուած մի արասցէ, եթէ Ռուսիան կործանի, մենք փլատակներու տակ կը մնանք»։ Այսպիսով, Լուքաշենքոն յառաջ բերաւ Ռուսիոյ կործանման միտքը։
Ակնյայտ է, որ այլեւս Ռուսիան իր կնքահօր դերը չի խաղար այս պարտէզին մէջ։ Այո՛, այդ մէկը ՀԱՊԿ-ի անդամ երկրներուն միւս դժգոհութիւնն էր Ռուսիոյ նկատմամբ, առ այն, որ Ռուսիան չկրցաւ օգնութեան հասնիլ Հայաստանի վարչապետին, որ հանդիպման ամբողջ ընթացքին ակնյայտօրէն մռայլ էր, ինչպէս նաեւ չկրցաւ կարգաւորել Ղրղզստանի եւ Տաճիկստանի միջեւ հակամարտութիւնը, եւ ստորագրել տալ համատեղ յայտարարութիւն մը։
Ամէնէն ակնյայտ փաստը այն է, որ Ռուսիան ինկած է իր պատուանդանէն։

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *