Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը մեկնարկած է «ԻԳործ 2022» ծրագիրը, որ Սփիւռքի մասնագէտները կը հրաւիրէ մէկ տարի ծառայելու կառավարութեան մէջ՝ նպաստելու ծրագիրներու եւ քաղաքականութեան բարելաւումին եւ զարգացումին:
Բոլոր ընդունուած թեկնածուները կը ստանան երթուդարձի տոմս, մօտաւորապէս 650 տոլար ամսավճար՝ կենցաղային ծախսերը հոգալու համար, շտապ բժշկական ապահովագրութիւն եւ մէկ տարուան կեցութեան արտօնութիւն:
Թեկնածուները պարտին ունենալ «պսակաւոր արուեստից» աստիճան՝ առնուազն հինգ տարուան համապատասխան աշխատանքային փորձառութեամբ, կամ մագիստրոսի աստիճանը՝ երեք տարուան համապատասխան աշխատանքային փորձառութեամբ: Անոնք պէտք է հինգ տարի սորված կամ աշխատած ըլլան Սփիւռքի մէջ: Փափաքելի է, որ նաեւ ունենան սահուն հայերէն:
Փորձաքննական առաջնահերթ ոլորտները կ'ընդգրկեն քաղաքագիտութիւն, պետական կառավարում, միջազգային յարաբերութիւններ, ընկերային աշխատանք, հոգեբանութիւն, կրթութիւն, համակարգչային գիտութիւն եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ, գիւղատնտեսութիւն, զբօսաշրջութիւն, բժշկութիւն եւ առողջապահական գիտութիւններ եւ տնտեսագիտութիւն:
Ամբողջական լուրը՝ Armradio.am.