2022-ին 31 տարբեր երկիրներէ շուրջ 300 սփիւռքահայ մասնագէտ դիմած է «իԳործ» ծրագիրին: Այս մասին կը յայտնէ Սփիւռքի հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը: «իԳործ»-ը ծրագիր է, որ սփիւռքահայ մասնագէտներուն հնարաւորութիւն կու տայ մէկ տարի ծառայելու Հայաստանի ու Արցախի պետական ոլորտի աւելի քան 25 գերատեսչութիւններուն մէջ, որպէսզի անոնք իրենց փորձն ու գիտելիքը ներդնեն՝ նախաձեռնելով նոր ծրագիրներ եւ իրենց գործունէութիւնը ծաւալելով մայր հայրենիքի մէջ: Այս տարի դիմորդներուն մէջ կան Հարուըրտ, Պրատֆորտ, Միշիկընի, Գոլումպիա եւ Գալիֆորնիա-Լոս Անճելըս համալսարաններու շրջանաւարտներ: Ամենատարեց դիմորդը 77 տարեկան է, թեկնածուներուն միջին տարիքը 35 է: Եզրափակիչ փուլէն ետք 50 սփիւռքահայ մասնագէտ իր գործունէութիւնը պիտի սկսի Հայաստան Սեպտեմբեր 2022-ին: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը պիտի ապահովէ երթուդարձի տոմս, 336.000 դրամ ամսանպաստ՝ ապրուստի ծախսերուն համար, բժշկական ապահովագրութիւն եւ մէկ տարի կեցութեան կարգավիճակ տրամադրելու վճար: