Հայ գրական միջազգային դաշինքը յայտարարած է հայ երիտասարդ բանաստեղծներու երկրորդ ամէնամեայ մրցոյթը, որ նախատեսուած է 14-էն 18 տարեկան հայ գրողներու համար:
Այս տարուան մասնակիցներէն կը խնդրուի նկատի առնել, թէ ինչպէ՛ս կրնայ բանաստեղծութիւնը որպէս կամուրջ ծառայել Հայաստանի եւ անկէ դուրս ապրող հինգ միլիոն հայու միջեւ, եւ թէ ինչպիսի՛ խօսակցութիւն պէտք է ըլլայ Հայաստանի եւ նոյնինքն Սփիւռքի միջեւ:
ՀԳՄԴ-ը կը քաջալերէ ոեւէ հայ երիտասարդ գրողի դիմումը՝ անկախ անոր սեռէն, սեռական կողմնորոշումէն, ընկերա-տնտեսական դասակարգումէն, կրթութենէն, քաղաքացիութենէն կամ քաղաքական պատկանելիութենէն:
Դիմումները պիտի քննարկեն ՀԳՄԴ-ի խորհուրդի անդամներն ու ժիւրիները՝ Կրեկորի Ճանիկեան, Արմինէ Իգնատոսեան եւ Ռաֆֆի Վարդանեան: Պիտի ընտրուին երեք լաւագոյն բանաստեղծութիւնները, որոնք պիտի հրապարակուին մշակոյթի եւ արուեստի առցանց հանդէսի՝ «h-pem»-ի մէջ: Դիմումի ժամկէտը Մայիս 31 է:
ՀԳՄԴ-ը ոչ-առեւտրային կազմակերպութիւն է՝ հիմնուած 2021-ին, որ կը խրախուսէ գրողները՝ նպաստելով անգլերէն լեզուով հայ գրականութեան զարգացումին ու տարածումին: Որպէս հայ գրողներու ցանց՝ ՀԳՄԴ-ը հայ գրողներուն ձայնը լսելի կը դարձնէ գրական աշխարհին մէջ:
Ամբողջական լուրը՝ Armenpress.am.