Իրանի արդիւնաբերութեան, հանքի եւ առեւտուրի նախարարը որպէս կառուցողական կը գնահատէ իր Հայաստան այցելութիւնը՝ ըսելով, որ Թեհրան եւ Երեւան համաձայնած են համատեղ ձեռնարկութիւններ սկսիլ: Ռեզա Ֆաթեմի կը գլխաւորէր բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը, ուր կային գործարար անձինք եւ մասնաւոր ընկերութիւններու գործադիր տնօրէններ: Քննարկումները կեդրոնացած էին այնպիսի ոլորտներու, ինչպիսիք են՝ առեւտուրի տարանցումը, շուկայավարումը եւ վաճառքը:
Ըստ Ֆաթեմի Ամինի՝ Իրան եւ Հայաստան համաձայնած են նաեւ ենթակառուցուածքային ծրագիրներ իրականացնել Հայաստանի մէջ:
Իրան արդէն իսկ պատրաստակամութիւն յայտնած է՝ Հայաստանի հետ գործակցելու՝ փոխադրամիջոցային երթուղին կառուցելու նպատակով (Քաջարան-Սիսիան ճանապարհ):
Հիւսիս-հարաւ միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքը նաւերու, երկաթուղային ու ինքնագնացային 7 200 քիլոմեթրնոց երթուղիներու ցանց է՝ Իրանի, Հնդկաստանի, Աֆղանիստանի, Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ, Հայաստանի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ բեռնափոխադրումներու համար:
Բացի այդ՝ իրանցի եւ հայ պաշտօնատար անձինք համաձայնած են նուազեցնել տարանցման մասքատուրքերը՝ երկկողմ առեւտուրի խթանման համատեղ ջանքերու ծիրէն ներս:
Իրան-Հայաստան ապրանքաշրջանառութեան ծաւալը կազմած է 304 մլն տոլար:
Ամբողջական լուրը՝ «Armradio.am»-ի մէջ
https://en.armradio.am/2022/03/05/iran-armenia-to-embark-on-joint-ventures/