Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քանանի մտահոգութիւն յայտնեց Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանային իրավիճակի թէժացումին ու լարուածութեան սրումին առթիւ՝ կոչ ուղղելով երկու կողմերուն՝ խաղաղ ճամբով լուծելու հակամարտութիւնը:
Իրանցի դիւանագէտը անգամ մը եւս շեշտեց, որ Իրան անընդունելի կը համարէ որեւէ փոփոխութիւն Ազրպէյճանի ու Հայաստանի սահմանին:
Քանանի ընդգծեց երկու երկիրներու՝ իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով, որ Իրան պատրաստ է օգնութիւն ցուցաբերելու՝ յանուն հարեւաններուն միջեւ տարաձայնութեանց լուծումին: