Search
Close this search box.

Միացէ՛ք «5000 Կաղանդ արցախցի երեխաներուն համար» նախաձեռնութեան

«Թափանցիկ Հայաստան» բարեգործական հիմնադրամը կազմակերպած է «5000 Կաղանդ արցախցի երեխաներուն համար» նախաձեռնութիւնը:

Ինչպէ՞ս մասնակցիլ.

Տեղադրեցէ՛ք նուէրներու տուփ. տեղադրեցէք կաղանդի նուէրներու տուփ մը ձեր գրասենեակէն կամ աշխատավայրէն ներս, որպէսզի աշխատակիցները եւ կամ այցելուները նուէրներ տան: Անհրաժեշտութեան պարագային՝ հիմնադրամը կրնայ տրամադրել նուէրներու տուփ:
Հաւաքեցէ՛ք նուէրներ. հաւաքեցէք նուէրներ ձեր համայնքէն՝ մինչեւ դեկտեմբեր 20:
Տարածեցէ՛ք ցնծութիւն. դեկտեմբեր 20-ին, «Թափանցիկ Հայաստան» բարեգործական հիմնադրամը պիտի հաւաքէ նուէրները, դասաւորէ զանոնք՝ ըստ տարիքի եւ սեռի, եւ մատուցէ երեխաներուն՝ Կաղանդի միջոցառումներուն ժամանակ։

Մի քանի նշում.

Բաց է բոլորին առջեւ. որեւէ կազմակերպութիւն՝ անկախ չափէն եւ տեսակէն, կրնայ միանալ՝ ըլլայ ատիկա ուսումնական հաստատութիւն, տեղեկատուական արհեստագիտութեանց ընկերութիւն, սրճարան, գրադարան, մարզասրահ, թէ խանութ:
Բազմապիսի նուէրներ. նուէրները կրնան ըլլալ որեւէ տեսակի՝ գրենական պիտոյք, հագուստ, գիրքեր, կամ խաղալիքներ:
Անհատական ներդրումներ. եթէ կը նուիրէք որպէս ֆիզիքական անձ, գրանցուեցէք՝ օգտագործելով նոյն յղումը եւ «Կազմակերպութիւն» դաշտէն ներս նշեցէք «Անհատ»:

Գրանցուեցէ՛ք սեղմելով տեղադրուած յղումը՝ լրացնելով ընդամէնը 4 պարզ դաշտեր. https://forms.gle/q8wCfEtt9FcKqJXRA

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *