«9 տարեկանիս թերթեր կը վաճառէի՝ չգիտնալով, թէ ի՛նչ պիտի գրեն իմ մասիս թերթերը»,- իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ըսած է «Լաս Վեկասի արքայ» Քըրք Քըրքորեան։ Դպրոց չեմ գացած, բայց փոքր տարիքէս զբաղած եմ առքուվաճառքով»,- ըսած է Քըրքորեան։ «Աղքատ ընտանիքի մէջ ծնիլը իմ ընտրութիւնս չէր: Իմ ընտրութիւնս եղած է հարուստ ըլլալը, քանի որ Mercedes-ի մէջ տխուր ըլլալը աւելի լաւ է, քան հանրակառքը»։
Քըրքորեան ծնած է Հայաստանէն գաղթականներու ընտանիքի մէջ 6 Յունիսի 1917-ին Գալիֆորնիա։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ան ներգրաւուած էր ովկիանոսէն այն կողմ բրիտանական ռազմաօդային ուժերու համար օդանաւերու առաքումի գործին մէջ: Իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ան խոստովանած է, որ մէկ թռիչքի համար ստացած է 1000 տոլար։ Պատերազմէն ետք կուտակուած գումարով Քըրք Քըրքորեան սկսաւ ինքնաթիռներ գնել վերավաճառքի համար։ Միլիառատիրոջ դրամահոսքը եկած է ԱՄՆ օդային ընկերութիւններու եւ շարժապատկերի սթիւտիօներու բաժնետոմսերու վերավաճառքով։
1979-ին ան գնեց Columbia Pictures շարժապատկերի սթիւտիոյ 25%-ը։ Իր լաւագոյն գործարքը Քըրքորեան անուանած է քազինոյի եւ Լաս Վեկասի Caesars Palace հիւրանոցի տակ գտնուող հողերու վաճառքը։
Այստեղ պէտք է նշել, որ հայ ազգը կը հպարտանայ Քըրքորեանով ոչ թէ անոր համար, որ ան յաջողակ գործարար էր, այլ անով, որ ան արժանի հայ էր։ Քըրքորեան մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զարգացման, սակայն չի սիրեր խօսիլ այդ մասին։