Փետրուար 1-ին «Մատենա» առաջնորդութեան ու մասնագիտական զարգացման միջազգային դպրոցը մեկնարկեց իր առաջին կրթական ծրագիրները՝ Մոսկուայի Սկոլկովօ կառավարման հանրայայտ դպրոցի հետ գործակցաբար:
Դպրոցը յայտարարած է երկու միջազգային ծրագիրներու մեկնարկը.
«Յառաջատար փոփոխութիւն. կառավարչական ծրագիր գործարար ղեկավարներու համար»,
«Հայաստանի համայնքներու արդիւնաւէտ կառավարում. ծրագիր՝ քաղաքային իշխանութիւններու համար»:
Դպրոցը մշակած է ընկերակցական ֆինանսաւորման յատուկ համակարգ մը, որուն միջոցով գործակից ընկերութիւններէ մասնակից անհատներ կրնան համաշխարհային մակարդակի կրթութիւն ստանալ շահաւէտ պայմաններով: Դպրոցը աստիճանաբար կ'ընդլայնէ իր նուիրատուներու եւ գործակիցներու ցանցը, ինչը իր հերթին հնարաւորութիւն կու տայ աւելի մեծ թիւով մասնակիցներու սորվիլ «Մատենա»-ի մէջ՝ ստանալով կրթանպաստներ:
Ամբողջական լուրը՝ https://en.armradio.am/.