Search
Close this search box.

Երեւանի մէջ ճարտարապետական ինքնուրոյն լուծումներով բազմագործառոյթ գործարար համալիր պիտի կառուցուի

Յառաջիկայ 2-3 տարիներուն Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի ճարտարապետական ինքնուրոյն լուծումներով բազմագործառոյթ գործարար համալիր, որ ունակ է ստեղծելու 150-200 աշխատատեղ: Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ ներդրողներ Սուրէն եւ Յասմիկ Փահլեւանեանի ներկայացուցած 10 միլիոն տոլար արժողութեամբ նախագիծին: Նշենք, որ համալիրը պիտի կառուցուի Կեդրոն վարչական շրջանի Ձորագիւղ ազգագրական թաղամասի տարածքին: Համալիրը կ'ընդգրկէ բնակելի եւ գործարար տարածքներ եւ մշակութային յատուկ ձեռնարկներու սրահ: Որոշ իրերու ցուցադրութեան շուրջ արդէն իսկ համաձայնութիւն գոյացած է Սերկէյ Փարաճանովի տուն-թանգարանի հետ: Նախագիծը կ'ընդգրկէ շրջակայ տարածքներու բարելաւում եւ կրնայ լաւ սկիզբ դառնալ Հրազդան կիրճի ճարտարապետական միջավայրի ձեւաւորման ու հետագայ զարգացման համար:

Ամբողջական լուրը՝ Armradio.am.

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *