Հայաստանի ազգային հերոս, Արցախի հերոս Մոնթէ Մելքոնեան այսօր կը դառնար 64 տարեկան: Մոնթէ մտածող եւ գրող էր, ան խօսքին տէրն էր, որ չէր վախնար ճշմարտութիւնը խօսելէ: Մոնթէ Մելքոնեան ծնած է Գալիֆորնիոյ Սա Խոակին շրջանը 25 Նոյեմբեր 1957-ին: Ան հնագէտ էր, որ կը տիրապետէր ութ լեզուի: Իր ամբողջ կեանքը անցուցած է աշխատելով արդարութեան համար եւ պաշտպանելով հայերը Իրանի, Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ: Մոնթէն Արցախի մէջ իր հրամանատարութեան տակ գտնուող զօրքերուն յայտնի էր որպէս Աւօ: Կեանքին վերջին տարիները անցուցած է Արցախի պաշտպանութեան բանակին հետ կռիւներ մղելով: Ան սպանուած է Մերզիլի լքուած գիւղը 12 Յունիս 1993 թուականի կէսօրին՝ Աղտամի ճակատամարտին: Մահէն ետք արժանացած է Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններուն ռազմական բարձրագոյն պարգեւներուն, այդ կարգին՝ «Մարտական խաչ», առաջին աստիճանի եւ «Ոսկէ արծիւ» մետալին:
Ամբողջական նիւթը կարդալ «Հայաստանի հանրային ռատիոկայան»-ի մէջ՝