Search
Close this search box.

ՆԱԹՕ-ի ընդարձակում. Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժման դրդապատճա՞ռն է

Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումը զաւթողական արարք է, որ աւելի վտանգաւոր կը դարձնէ ՆԱԹՕ-ի եւ Մոսկուայի միջեւ առանց այդ ալ անհանգստացնող լարուածութիւնը: Վլատիմիր Փութին հիմնական պատասխանատուութիւնը կը կրէ վերջին զարգացումներուն համար, սակայն Ռուսիոյ նկատմամբ ՆԱԹՕ-ի վերջին եռամսեակի ամբարտաւան քաղաքականութիւնը նոյնպէս մեծ բաժին ունի այս հարցին մէջ:
ԱՄՆ-ի իրատեսութեան եւ զսպուածութեան արտաքին քաղաքականութեան հաւատարիմ վերլուծաբանները աւելի քան քառորդ դար զգուշացուցած են, որ մէկ ուրիշ մեծ տէրութեան հետ պատմութեան ամենահզօր ռազմադաշինքի ընդլայնումը լաւ աւարտ չ'ունենար: Ռուսիոյ ողջամիտ ու բարեկամական վերջին նախազգուշացումը, թէ դաշինքը պէտք է ետ կանգնի, Մարտ 2007-ին էր Միւնխենի անվտանգութեան ամէնամեայ համաժողովին: «ՆԱԹՕ իր առաջնագիծի ուժերը մեր սահմաններուն դրած է»,– դժգոհած է Փութին: «ՆԱԹՕ-ի ընդարձակումը լուրջ սադրանք կը ներկայացնէ, որ կը նուազեցնէ փոխվստահութեան մակարդակը: Եւ մենք իրաւունք ունինք հարցնելու՝ որո՞ւ դէմ նախատեսուած է այս ընդարձակումը: Իսկ ի՞նչ եղան Վարշաւայի պայմանագիրի լուծարումէն ետք Արեւմուտքի մեր գործընկերներուն տուած հաւաստիացումները»:

Աղբիւր՝ https://www.19fortyfive.com/2022/02/ignored-warnings-how-nato-expansion-led-to-the-current-ukraine-tragedy/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *