Houston Grand Opera-ն յայտարարած է Էլէոնոր ՄաքՔոլում երիտասարդ երգիչներու ամէնամեայ 34-րդ մրցոյթի առաջին երեք յաղթողները: Առաջին տեղը զբաղեցուցած է պարիթոն Նաւասարդ Յակոբեան, որ պիտի ստանայ 10 000 ամերիկեան տոլար, երկրորդ տեղը՝ սոփրանօ Ամանտա Պաթիսթա՝ 5 000 ամերիկեան տոլար, երրորդ տեղը՝ պաս-պարիթոն Ճոնկուոն Հան՝ 3 000 ամերիկեան տոլար, որ արժանացած է նաեւ «Հանդիսատեսի ընտրութիւն» մրցանակին:
HGO-ի գլխաւոր ու գործադիր տնօրէն Խորի Տասթուր նշած է. «HGO-ի Arias-ի 34-րդ համերգը ակնածանք ներշնչող երեկոյ էր՝ գեղեցիկ երաժշտութեամբ ու ոգեւորուած մրցակցութեամբ յագեցած: Ծագող աստղերը, որոնք բարձրացան Ուորթեմի բեմը, ունին այս արուեստաձեւի ապագայի բանալիները, եւ ես ուրախ եմ բաժնեկցելու, որ ապագան իսկապէս պայծառ կ'երեւի»:
Այս տարուան մրցոյթին դատակազմի անդամներն էին՝ Տասթուր, սոփրանօ Քրիստին Կէորքէ, HGO-ի գեղարուեստական ու երաժշտական ղեկավար Փաթրիք Սամըրզ, սոփրանօ եւ HGO-ի գեղարուեստական խորհրդատու Անա Մարիա Մարթինեզ:
Ամբողջական լուրը՝ «Orer.eu»-ի մէջ՝"